Tuesday, February 17, 2015

Հրապարակի վրայ է Վահէ Աբէլեանին նոր գիրքը:

Վահէ Յ. Աբէլեանին «Ինչպէս էինք-Ինչպէս Ենք» գիրքերու շարքին այս երկrորդ հատորն է: Երրորդ հատորը պատրաստութեան մէջ է:

Հրատարակուած գիրքը յատկանշական է հետեւեալներով՝

1.Զոյգ հեղինակութիւն է ուր կ'երեւին Վահէին եւ իր մօր գրութիւնները մէկ կողքի տակ:

2.Գիրքը երկլեզու է է՝ 21 անգլերէն եւ 2 հայերէն գլուխները գրուած են Վահէին, իսկ երեքը Տիկին Զուարթ Աբէլեանը կողմէ: Տիկին Աբէլեանին գրութիւնները աղերսուած են անոր երկարամեայ գործունէութեան հետ որպէս հայերէն լեցուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի, պարգեւատրուած Ս. Մեսրոպ Մսշտոցի շքանշանով Ամենայն Հայոց Կաղողիկոս Գարեգին Ա.ի կողմէ: Տիկին Աբէլեան հեղինակ է նաեւ «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» գիրքին:

Յատկանշական է նաեւ այն հանգամանքը որ վաստակաւոր հայերէն լեցուի ուսուցչուհիին զաւակը անգլերէնով կը գրէ՝ հաղորդ պահելու համար անգլիախօս սերունդը, որոնց հայերէնի իմացութիւնը տկար է:

Գիրքին պարունակութիւն լոյս տեսած է անջատաբար Keghart.com կայքին մէջ, ընհանրապէս լայն ընդունելութեան արժանանալով՝ մինչեւ իսկ հասնելով տասնեակ հազար ընթերցողներու: 

Վահէն համախմբած է յօդուածները գիրքին մէջ, իսկ հասոյթը կը տրամադրէ Քեսապի Ուսումնասիրած Միութեան: 

Ուրախ եմ որ այս գիրքին մէջ համեստ ներդրում ունեցայ որպէս հրատարակիչ: Մեծ թափով կ'անցնինք այժմ Վահէին երրորդ գիրքին հրատարակութեան, որ պիտի պարունակէ գրաքննադատական յօդուածներ, հայերենէ անգլերէն թարգմանութիւններ, որոնց կարեւոր մասը դարձեալ լոյս տեսած է Keghart.com կայքին մէջ: 

Հրաչ Քալսահակեան