Saturday, August 23, 2014

ՈՂՈՐՄԵԼԻ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ՎԻՃԱԿ

Vosgan Mkhitarian describes the reasons why very few people attended the burial ceremony of Very Reverend Bedros Berberian who died in California recently. The clergy was well known and beloved by his flock but he had wished before his death that his friend for 55 years Vosgan Mkhitarian to read his obituary. Vosgan, being an ex-member of the Cilician Brotherhood was on the black list. Head of the Armenian Church in Western USA did everything possible to turn this burial ceremony to a fiasco. 


ՈՂՈՐՄԵԼԻ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ՎԻՃԱԿ


Կարելի չէ զուսպ ըլլալ եւ չարտայատուիլ այն դժբախտ երեւոյթի մասին, որ պարզուեցաւ մի քանի օրեր առաջ Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած էինք թաղման արարողութեան կարգին համար 55 երկար տարիներու բարեկամիս, միաբանակից եղբօրս՝ Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանին, մեր վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանելու համար:
Թաղումէն ճիշդ շաբաթ մը առաջ էր երբ բջիջային հեռաձայնս յանկարծ հնչեց: Անմիջապէս նայեցայ թէ ով էր հեռաձայնողը. « Այո՛ Պետրոս, վերջապէս կարգս եկաւ կ'երեւի. ուր՞ ես եղբա՛յր,  այսքան ատեն է՝ մէջտեղ չկաս»: «Պետրոսը չէ» պատասխանեց խռպոտ ձայն մը միւս կողմէն, «Ճորճիկն է», եւ յանկարծ ահաւոր հեծկլտուք մը: Ես ալ շփոթի մատնուած անմիջապէս հարցուցի. «Խէր է, ի՞նչ եղաւ:» Վայրկեան մը հեկեկանքն ու հեծկլտուքը զսպելէ ետք ըսաւ. «Հայրս մեռաւ»:  Պատմելէ ետք թէ ինչպէս հայրը ինկած եւ մեռած էր Մոնթէպէլլոյի Հայ Կեդրոնին մէջ, ըսաւ. «Մէկ խնդրանք ունիմ Ոսկան Եղբայրս, եւ չեմ փափաքիր որ զիս մերժես»:
Անմիջապէս Ճորճիկը հանդարտեցնելու մտադրութեամբ ըսի. «Գիտես որ քեզ չեմ կրնար մերժել» եւ մտիկ ըրի իր խնդրանքը: «Հօրս փափաքն էր որ դուն կարդաս իր դամբանականը: Առաւել եւս, իմ եւ ընտանիքիս բոլոր անդամներուն փափաքն է նաեւ որ դուն, որպէս ամենամօտիկ ընկերը եւ հարազատը, հօրս վերջին փափաքը կատարես: Քեզմէ աւելի լաւ մէկը զինք չի ճանչնար»:
Ինչպէ՞ս կրնայի մերժել Ճորճիկը զոր մանկութենէն կը ճանչնայի որպէս հարազատ: Խոստացայ դամբանականը գրել եւ յաւուր պատշաճի թաղման օրը կարդալ: Երկու օր ետք բջիջային հեռախօսիս վրայ պատուէր մը կար: «Ոսկան, Ճոն է (Ճօ Սամուէլեան, հանգուցեալին աներձագը): Եղբայր, շատ պիտի խնդրեմ որ կարդալիք դամբանականդ կանխաւ ինծի ղրկես, որպէսզի կասկածներ չ'արթննան եւ մարդիկ պատճառներ չփնտռեն մերժելու»:  Շա՜տ պարզ էր. զգացի թէ ի՛նչ կը դառնար քուլիսներու ետին: Անմիջապէս Ճորճիկին հեռաձայնեցի եւ իմացայ թէ շան գլուխը ո՛ւր թաղուած էր: Ճորճիկին թախանձագին խնդրանքին անսալով, եւ չմերժելու համար միաբանակից եղբօրս վերջին փափաքը, խոստացայ գրութիւնս ղրկել իր մօրեղբօր՝ Ճոյին:
Զանազան վստահելի աղբիւրներէ իմանալէ ետք մնացեալ պատմութիւնը, յստակ դարձաւ որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, անհանգիստ էր որ ես միաբանակից եղբօրս դամբանականը պիտի կարդայի, եւ այդու կերպով մը իրեն հետ պիտի բաժնէի եկեղեցւոյ բեմը՝ արարողութեան ընթացքին : Ի՜նչ նուաստացում իր առաջնորդական դիրքին ու հանգամանքին...: Հետեւաբար այլեւս յստակ էր որ Ճոն իր պատուէրը ուրկէ՛ ստացած էր: Դաւադրութիւնը լարուած էր:
Մթնոլորտը աւելի չփոթորկելու մտադրութեամբ, հեռաձայնեցի Ճորճիկին եւ փոխանցեցի մտադրութիւնս. «Ճորճիկ ճան, լաւ կ'ըլլայ որ ես չխօսիմ, այս տխուր առիթով նոր ալեկոծումներ չստեղծելու համար»: Ճորճիկ անդրդուելի մնաց, յայտարարելով.  «Եթէ հօրս փափաքը պիտի չկարենամ կատարել, ես թաղման կարգը եկեղեցւոյ մէջ ընել չեմ տար, կ'երթամ ուղղակի գերեզմանոց»: Չկրցայ համոզել Ճորճիկը եւ որոշեցինք սպասել, յուսալով որ մինչեւ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան օրը մութ ամպերը կը փարատին, քանի որ իր մօրեղբայրը՝ Ճոն վստահեցուցած էր իրեն, թէ ամէն ինչ պիտի ըլլար ինչպէս որ իր հայրը փափաքած էր:
Եկաւ Թաղման օրը, Հինգշաբթի 21 Օգոստոս 2014: Երբ Ս. Խաչ եկեղեցի հասանք յայտարարուած ժամէն 15 վարկեան առաջ, միայն երկու տարիքոտ կիներ նստած էին, սակայն եւ այնպէս մթնոլորտը շատ ծանր էր եկեղեցւոյ մէջ: Չդիմանալով այդ ծանր մթնոլորտին, ելանք դուրս այն ականկալութեամբ որ հարազատներ եւ բարեկամներ շուտով կը հասնին եւ թաղման արարողութիւնը կը սկսի շուտով:
            Ժամը 11:30-ին տակաւին արարողութիւնը չէր սկսած, եւ բացի մատի վրայ համրուող հարազատներէն՝ եկեղեցին թափուր էր: Քովս նստող հօրեղբօրորդիս, որ այդքան մօտէն կը ճանչնար հանգուցեալը որպէս հարազատ, սկսած էր անհանգստանալ եւ հարց տալ. «Ու՞ր են Պետրոսին բարեկամները, ընկերները»: Հիմա ուր որ են կու գան ըսելով ինքզինքս կը մխիթարէի:
Տակաւին սպասման վիճակի մէջ էինք երբ Ճոն մօտեցաւ եւ խնդրեց որ դամբանականը կարդամ արարողութինը սկսելէն առաջ...: Առարկեցի ըսելով որ դամբանական կը կարդան յաւարտ արարողութեան. ծիծաղելի կ'ըլլայ եթէ նման բան մը ընենք: Մերժեցի կարդալ: Ճորճիկ յանկած բռնկած՝ ոտքի ցատկեց եւ բարձրաձայն յայտարարեց. «Եթէ ես հոս պիտի չկարենամ հօրս փափաքը կատարել, թող գան մեռելաթաղերը եւ այս դագաղը վերցնեն այստեղէն: Այս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն չեմ ուզեր, երթանք գերեզմանատուն
Վլվլուկ մը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ: Սգակիր հաւատացեալներ անդրադարձան թէ ինչ կը կատարուէր: Հակառակ հարազատներու խնդրանքին, Ճորճիկ անդրդուելի մնալով՝ բարձրաձայն մեռելաթաղները կը փնտռէր դագաղը եկեղեցիէն գերեզման տանելու համար: Այս բոլոր իրադարձութեանց ականջալուր, զգեստաւորուած եկեղեցականները աւանդատունէն ներս չմտան:
            Վերջապէս Ճորճիկը հանդարտեցնելէ ետք, արարողութիւնը սկսաւ որոշուած ժամէն 40 վայրկեան ետք: Ճորճիկ տակաւին ոտքի է եւ պատրաստ յօշոտելու իր ոսոխները, որոնք մերժեցին իր հօր վերջին փափաքը: Բախումը անխուսափելի էր. յանկարծ կարգ մը երիտասարդներ Ճորճիկը առաջնորդեցին եկեղեցիէն դուրս եւ ուստի Ճորճիկ ներկայ չգտնուեցաւ իր հօր թաղման արարողութեան...:
            Հետեւաբար եզրակացութիւններ եւ ախտաճանաչումներ կատարելէ առաջ, համասփիւռ հայութեան կը ներկայացնեմ Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանի համար պատրաստած դամբանականս, թէեւ ինք շատ աւելիին արժանի էր, ո՛չ միայն անոր համար որ 15 տարիներ ծառայած էր որպէս կուսակրօն եկեղեցական, նամանաւանդ որ նո՛յն Ս. Խաչ Եկեղեւոյ հովիւն ալ եղած էր հինգ տարիներ, այլ եւ որպէս մարդ եւ լաւ հայ: եւ ահաւասիկ որպէս գնահանատանք իր տարիներու վաստակին՝ եկեղեցին վաթսուն տոկոսով թափուր էր: Չկային այնտեղ եկեղեցւոյ հաւատացեալները՝ իրենց նախկին հովիւին վերջին յարգանք մը մատուցանելու, չկային այդտեղ իր դպրեվանքի աշակերտները (ոմանք այժմ գործող քահանաներ Արեւմտեան Թեմէն ներս),  եւ ո՛չ ալ ներկայ էին իր կուսակցական ընկերներու ստուար շարքերը.......:

ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ ՊԵՏՐՈՍ ( ՎՐԴ.)ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ



Սիրելի՛ սգակիր հարազատներ, այսօրուան սրտիս խօսքը կը սկսիմ մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերով:

«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,
Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…:
Տառապանքիս վերջը եկաւ հուսկ ուրեմն,
Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն
Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:
                                                                        Վահան Թէքէեան

Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն ճողոպրած ՄԵԾ բայց պարզ հայու մը զաւակն էր Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեան, աւազանի անունով՝ Զօհրապ Պէրպէրեան:
Անուններ, ածականներ կան, զորս երբ կը լսենք՝ ակամայ մեր մտապաստառին վրայ կ'ուրուագծուի այս կամ այն անձը, գործիչը կամ գրողը: Եթէ ըսենք «խելագար ամբոխ», անմիջապէս կը յիշենք Եղիշէ Չարենցը: Եթէ ըսենք «Աբիսողոմ Աղա», կը յիշենք Յակոբ Պարոնեանը: Եթէ ըսենք «Լճակ», կը յիշենք Պետրոս Դուրեանը: Եթէ ըսենք «Եղեգնեայ Գրիչ» անպայման կը յիշենք Դանիէլ Վարուժանը, եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը:
Ասոնցմէ զատ կան նաեւ պարզ, համեստ անուններ, որոնք գրիչ չեն շարժած, բայց գրիչէ մը աւելի գործ կատարած են իրենց անսահման եւ անսակարկ նուիրումով: Անոնցմէ մէկն է  հանրածանօթ Հալէպահայ հարազատ հայորդի «Լանկըր Եախուպ» Յակոբ Պէրպէրեան: Պարապ տեղ չէ ըսուած որ «պտուղը ծառէն հեռու չ'իյնար»: Պետրոս Պէրպէրեան հարազատ արտացոլացումն է իր հօր եւ քիչ մըն ալ աւելի, նախ որպէս հոգեւոր մշակ ու ապա կրթական մշակ, հասարակական գործիչ, գրող, հռետոր եւ հրապարագիր:
Կեանքի Առաջին Հանգրուանը Հալէպի Մէջ
Պետրոս Պէրպէրեան, ծնած է Հալէպ, Ապրիլ 4, 1938-ին:  Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Զաւարեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը` Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։  Հակառակ իր ուսումնական տենչերուն, նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ աշխատած է իր եղբօր՝ Անդրանիկին հետ՝ վերջինիս ինքնաշարժերու արհեստանոցին մէջ մինչեւ 1960 թուական:
Կեանքի Երկրորդ Հանգրուանը Անթիլիասի Մէջ
1960 թուականին, անսալով իր ներքին ձայնին՝ ընդունուեցաւ Անթիլիասի Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժնին մէջ, որուն ընթացքը յաջողապէս աւարտելէ ետք  1963-ին, Զարեհ Կաթողիկոսի մահէն չորս ամիսներ ետք, որուն հանդէպ մեծ սէր եւ ակնածանք ունէր, ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ իր երեք դասընկերներուն հետ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան, Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան: 
Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ անմիջապէս տնօրէն նշանակուեցաւ մայրավանքի շրջաբակին մէջ նորակառոյց Մարտիկեան Վարժարանին: Մեծին հետ մեծ, փոքրին հետ փոքր ըլլալու արժանիքը ունէր ան: Հաղորդական էր եւ միշտ ժպտերես: Աշուղն էր վանքին:
Կեանքի Երրորդ Հանգրուան՝ Գամիշլիի Մէջ
Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի մեկնումով դէպի Լիբանան, առաջնորդական պաշտօնով, Գամիշլիի փոխ-առաջնորդական թեմը թափուր մնացած էր: Խորէն Կաթողիկոս լաւագոյն թեկնածու նկատած էր Պետրոս Վարդապետը որպէս տեղւոյն բարքերուն քաջածանօթ, նոյն ատեն հմուտ արաբախօս:  Գամիշլիի իր գործակիցները մեծ գնահատանքով կը խօսին իր գործունէութեան մասին, ըլլայ ան եկեղեցական, կրթական եւ ազգային անդաստաններէն ներս:  Հոս կ'արժէ վկայակոչել եզակի դէպք մը միայն, որ ինքնին շատ բան կը յայտնէ Պետրոս Պէրպէրեանի նկարագրին եւ արժանիքներուն մասին: Ինծի պատմած է այս դէպքը ժամանակին Գամիշլիի հովիւ եւ ականատես՝ Տ. Երուանդ Քահանայ Երէցեան:  Երբ Սուրիական կառավարութեան գաղտնի սպասարկութեան անդամները խուժած են առաջնորդարան եւ պահանջած են Ազգային Վարժարանի բանալիները, Պետրոս Վարդապետ քաջաբար յայտարարած է. Նախ իմ դիակիս վրայէն կ'անցնիք ու ապա դպրոց կրնաք մտնել:  Ահաւասիկ իր կոչումին հաւատարիմ գիտակից սպասաւորը:
Կեանքի Չորրորդ Հանգրուան՝ Գալիֆորնիոյ Մէջ
1974 թուականին, Խորէն Վեհափառի կարգադրութեամբ եկաւ Գալիֆորնիա ստանձնելու Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հովուութիւնը: Տարիներ անխոնջ ծառայելէ ետք որոշեց ազգին ծառայել որպէս աշխարհական:
Արդէն երիտասարդական օրերուն ան խանդավառուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ եւ արձանագրուած` Կուսակցութեան շարքերը։  Սակայն, տարիներու հասունութիւնը զինք մղած էր ազգին ծառայելու եկեղեցւոյ  ճամբով, իսկ այդ ճանապարհը իրեն համար եղաւ իսկապէս փոթորկալից եւ փշոտ...:
Այդ բոլորով հանդերձ, Հայ Յեշափոխական Դաշնակցութեան գաղափարա-խօսութեան բեմը մնաց անոր ամենէն լայն ծառայութեան դաշտը եւ սրտամօտիկը։  Որպէս քաջ ատենախօս, բեմբասաց, պատգամաբեր ու ճառախօս հմայած է իր ունկնդիրները, զանոնք կապելով հայրենասիրական գաղափարախօսութեան: Իր երկրորդ տունն էր Հայ Կեդրոնը եւ հոն ալ աւանդեց իր հոգին քաղցր ժպիտով:
Այսօր իր մահը կը սգան իր հարազատները, մասնաւորաբար իր քառասուն տարիներու կողակիցը՝ Մէյը, իր սրտամօտիկ որդին Ճորճիկը, որուն այնքա՜ն սիրով կը գուրգուրար եւ կը խնամէր, իր աներձագերը, Ճոն եւ Վարդգէսը իրենց ընտանիքներով, իր քենին՝ Լիւսի Տէյեան եւ զաւակները, եղբօր եւ քրոջ որդիները, ինչպէս նաեւ բոլոր սրտակից հարազատներն ու ընկերները:
Իր մահով, Լոս Անճէլըսը կը կորսնցնէ իր արժանաւոր զաւակներէն մէկը, որուն սիրտը բաբախեց ի սէր հայութեան: Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը եւ հողը թեթեւ գայ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն:

Ահաւասիկ շատ ամփոփ գիծերու մէջ, հոգեւորականի մը, կրթական մշակի մը 15 տարիներու վաստակին կարճ, անպաճոյճ պատմութիւնը: Ամենացաւալին հոն է որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ աշակերտը եղած է Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանին՝ Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, ո՛չ մէկ նշում կատարեց իր «յաւուր պատշաճի» անկապ խօսքերուն մէջ, որ հանգուցեալը որպէս կուսակրօն քահանայ հայ ժողովուրդին ծառայած է 15 երկար տարիներ: Ո՛չ ալ եկեղեցւոյ քահանան կենսագրական մը կարդաց, ծանօթացնելու հանգուցեալը անծանօթ ներկաներուն. կը թուի թէ կարեւորը փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններն էին սոսկ...:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն քինախնդրութեան, որովհետեւ իր ամբողջ էութիւնը պարուրուած է փառամոլութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ, արգելք հանդիսացաւ հանգուցեալին վերջին փափաքին կատարուելուն պատշաճօրէն, թաղման կարգի արարողութեան աւարտին: Այսպէ՞ս պիտի յարգէր իր ուսուցչին վերջին փափաքը...: Ներելի՞ է այս վարքագիծը...:  Այնպէս կը թուի, թէ տակաւին չէ մարսած այդ արդար եւ ճշմարիտ արձանագրուած տողերը որոնք գրուած էին իր անձին մասին, Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի Արեւմտեան Թեմէն խաբեբայութեամբ եւ խարդախութեամբ արտաքսման առիթով:
Արաբները շատ հետաքրքարական ասոյթ մը ունին, զոր թարգմանաբար կ'ուզեմ արձանագրել եւ բարձրականչել. «Քո՛ւ ալ օրդ կու գայ, ո՜վ բռնակալ» («Լաք եոմ, եա զալէմ»): Ամենացաւալին եւ տխուր իրականութիւնը հոն է, որ այսպիսի փոքրոգի, սնանկ մտքեր եւ աղքատ ու ողորմելի հոգիներ, ին՜չ ին՜չ հաշիւներով կը նշանակուին առաջնորդական աթոռներու, որոնք մարդկային ամենէն տարրական բարոյական սկզբունքները արհամարհելով կը գոռոզանան միայն իրենց  սքեմով, որոնց տակ թագնուած է ամէն ապականութիւն եւ փտութիւն: Ձուկը գլուխէն հոտած է.....:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
23 Օգոստոս, 2014

Friday, August 15, 2014

Սուրիահայը՝ ծննդավայրէն հայրենիք

Հրաչ Քալսահակեան 

Դէպքերէն առաջ բոլոր Սուրիահայերը գրեթէ հաշտուած էին թէ Սուրիան իրենց հայրենքն է: Եկեղեցւոյ խորանէն մինչեւ դպրոցին բեմերը «Սուրիական հայրենիք» բառերը ամէն առիթով կը հնչէին:

Մէկը հետաքրքրուած չէր թէ ի՞նչ տեսակ հայրենիք է այս՝ հաւասարութիւն, արդարութիւն, ազատութիւն կամ մարդկային արժանապատուութեան հասկացողութիւն կա՞ր հոն թէ ոչ: Ի՞նչ իսկական արժէք կրնայինք մենք ներկայացնել հոն, երբ ո՛չ ընտրելու եւ ո՛չ ալ ընտրուելու իրաւունք ունէինք (յիշած ըլլալու համար միայն այս): Ի՞նչ հեռանկարներ կրնայինք ունենալ այդ միջավայրին մէջ:

Կարեւորը մենք մեր սահմաններուն (թաղերուն) մէջ կրնայինք հաւաքական կեանք մը ապրիլ ու կուշտ փորով քնանալ: Կրնայինք մեր տղաքը ու աղջիկները մեր գիտցած ձեւով ամուսնացնել ու մեր սովորութիւնները եւ լեզուն մեր հասկցած ձեւով պահպանել: Իւրաքանչիւրը ձեւ մը գտած էր դրամ վաստկելու՝ «ճարպիկութեամբ» կամ կաշառքով: Յաջողած էինք մենք մեզի «մայր գաղութ» տիտղոսը շնորհել, առանց անդրադառնալու թէ «մայր» բառը աւելի լաւ երեւոյթներու վերապահուած պէտք էր ըլլար:

Սուրիոյ դէպքերու լոյսին տակ նոր հասկացողութիւններ շրջագայութեան մէջ մտան: Սուրիահայը սկսաւ «Սուրիական հայրենիք» բառը դանդաղօրէն վերատեսութեան ենթարկել: Շատեր ըսին Հայաստան հայրենիք է, իսկ Սուրիա ծննդավայր: Ուրիշներ գտան որ Սուրիա հասարակ ծննդավայր մը չէ այլ նաեւ «տուն» ու յիշատակներու շտեմարան: Այլ խմբակ մը, տակաւին լրիւ չհասկցած հայրենիքի մը արժէքը, առաւել շահարկելի գտաւ երկու հայրենիք ունենալու գաղափարը:

Նկատելի է որ այս հասկացողութիւնները փոփոխական դարձած են: Այսինքն եթէ մէկը Հայաստանի մէջ որոշ յաջողութիւն ունենայ (կամ իրեն այդպէս թուի), այնպէս մը կը վարուի կարծես թէ ինք ծնած օրէն ի վեր հայրենիք վերադառնալու գաղափարախօսութեամբ տոգորուած էր: Նոյն անձը եթէ ձախողութիւններու մտանուի (թէկուզ ժամանակաւոր), յանկարծ հայրենիքի մասին այլանդակ տեսութիւններ շպրտելու կը սկսի:

Friday, August 1, 2014

Հայկական Ինքնաբաւարարուածութիւն

Յովիկ Աթոքեան

«Կարեւորը մեզի կը սիրեն», յաճախ կը լսենք այս արտայայտութիւնը, եւ նման ինքնագոհ յայտարարութիւններ կ՛ընենք ամենուր: Կը կարծենք որ ամէն աշխարհը կը սիրեն հայերուն, Միջին Արեւելքի մէջ, Եւրոպայի մէջ, Ռուսիոյ մէջ, Լատին Ամերիկեան երկիրներուն մէջ... ուրտեղներ դեռ կը հնարենք, երկրագունդի հեռաւոր ծայրերուն մէջ ալ մեզի միշտ «սիրողներ» եղած ըլլալուն կը հաւատանք եւ կը փնտռենք դեռ...

Իսկ մեզի հանդէպ այս «սէրերը» ի՞նչ օգուտ տուին, որո՞ւն սէրը մեզի կաթիլ մը ազգային հարց մը լուծած եղաւ, կամ հայ մարդու մը գրպանը կոպեկ մը աւելի փող մտաւ: Հակառակը, օրինակ վերցնենք Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ամէն քայլափոխին փորձած ենք որ արաբը, քուրտը, կամ չգիտեմ ով, մեզի «սիրէ»: Այդ «սէրը» շահելու համար յաճախ մեր գրպանէն տասնեակ հարիւրաւոր միաւոր դրամ ծախսած ենք, մենք մեր տան կարեւոր մէկ պէտքը հոգալը զոհած ենք փոխան «սիրոյ», գումար մը նուիրած ենք ասոր-անոր, եւայլն: Եւրոպացիներուն կը փորձենք «սիրել», որպէսզի անոնք ալ մեզի «սիրեն», բայց եկուր տես որ այս բոլորով հանդերձ, եւրոպացիները այնքան ալ մեզ չեն սիրեր, արաբներուն սէրը խախտուեցաւ, ռուսերուն «սէրը» շատ պայմանականացաւ, իսկ հեռաւոր լատին ամերիկաներունը՝ օվկեանոսին մէջ խեղդուեցաւ:

Իսկ թուրքերուն, մեր ակնոցով, ոչ-ոք չի սիրեր եւրոպայի մէջ, իբր թէ Միջին Արեւելքի միւս ժողովուրդներն ալ չեն սիրեր, ասի չի սիրեր եղեր - կ՛ուրախանանք մենք այս լուրով, կը փնտռենք մէկը որ չսիրէ զանոնք... բայց ժողովուրդներ, պետութիւններ, կը վախնան թուրքէն, կամ նուազագոյնը իրենց հաշիւը կ՛ընեն:

Հայկակա՞ն է այս հիւանդութիւնը թէ այլ ազգերու քով ալ կը հանդիպի: Չեմ գիտեր, բայց մեր քով ըլլալէն վստահ եմ, քանի որ անոր արդիւնքները միշտ մեզի հետ կ՛ուղեկցին:

Մեկնաբանութիւններ՝

Hrach Kalsahakian Հոգեբանական պատճառներ ըլլալու են այս մտածումին ետին: Օրինակի համար քանի որ թուրքը մեզի կ'ատէ ուրեմն միւսները պէտք է սիրեն մեզի: Թուրքը շատ կ'ատէ, միւսները ուրեմն պէտք է աւելի սիրեն մեզի: Այլ բացատրութիւն կարելի է կապել ինքնարդարացումի ձեւով՝ մենք այս երկրին մէջ կ'ապրինք եւ ուրախ ենք որովհետեւ մեզի կը սիրեն, սիրուած ենք: Ասոր աւելի ծայրայեղ ինքնարդարացում - խաբկանքը կայ՝ Հայաստան չենք ապրիր որովհետեւ Սուրիոյ մէջ աւելի կը սիրեն մեզի:

Azniv Tarkhanyan Հովիկ ջան շատ ճիշտ է ըսածդ և ապացուցված է և այսպես ուրիշի վրա մեր հույսը դնելով կերտեցինք մեր պատմությունը, Հովիկ ես կարծեմ գաղտնիքը, որ պետք է առաջին հերթին հայը հային պիտի սիրե և ղեկավարությունն էլ իր ժողովուրդը հարգելով առաջ գնան, ինքն իր հույսը իր վրա պետք է դնի՝ որ առաջ գնան արի ու տես հակառակն է կատարվում և տեղքայլ լինելով առաջ չենք գնում ու անցյալից դաս չենք վերցնում։ Մենք մեզ սիրելով հարգելով ուրիշի սերը մեզ ավելորդ է ևայդ ժամանակ իրենք են մեզնից վախենալու: Մեծն Տիգրանի օրինակով առաջ պետք է գնանք, կազմակերպություն չկա դրա համար ցավալի է…

Hrair Hagopian Ես կը կարծեմ որ մենք կը կարծենք թէ բոլոր ազգերը մեզի կը սիրեն: Նախ մենք իրար իսկ չենք սիրեր, իւրաքանչիւր հայ գաղութ ինքզինքը գերադաս կը նկատէ միւսներուն հանդէպ: Օրինակ հալէպահայը ինքզինք անուանած է «ՄԱՅՐ ԳԱՂՈՒԹ» բայց ուրիշ գաղութէ մը օր մը չեմ լսած մեզ այսպէս գովաբանէ, բացի եթէ հալէպահայ մը հարցազրոյց մը ընէ իր հետ: Ես այս երեւոյթին ականատես եղայ երբ Գանատա փոխադրուեցայ: Երեք գլխաւոր դասակարգեր կային, Եգիպտահայը ոեւէ մէկուն չի հաւնիր ինք գերազանց է, անկէ ետք կու գայ Լիբանանահայը, որ Սուրիահայուն չի հաւնիր որովհետեւ իրենք եւրոպական մակարդակով երկրէ մը կու գան եւ մենք կը մնանք վերջինները (գիւղացիները): Անշուշտ կան ուրիշ գաղութներ ալ որոնք նոյնպէս կը կարծեն թէ իրենք են լաւագոյնը՝ օրինակ Յունահայերը եւ Պոլսահայերը որոնք բոլորովին անջատուած են բոլոր միւս հայերէն:

Arshak Davidian "Մեզի կը սիրեն"-ը միայն ինքնախաբէութիւն է։ Մեզի չէ որ կը սիրեն այլ մեր հլու-հնազանդ ոչխարամիտ հպատակութիւնը, մեր աժան ու որակով աշխատանքն ու ծառայութիւնը․․․ իրենցը քաղելէն ետք արդէն բանի մը պիտանի չենք։ Ինչպէ՞ս կրնան մեզի սիրել երբ առաջին հերթին մե՛նք մեզի չենք սիրեր։ Իրենց այդ սիրելուն ետև յաճախ զզուանք ու քամահրանք է թագնուած․․․

Khatchadour Boghossian Նախ եւ առաջ ինչու մեզի պիտի սիրեն եւ կամ մենք ինչու մէկու մը կը սիրենք կամ չենք սիրեր. եթէ այս հարցումին պատասխանենք ապա ուրեմն ամէն ինչ աւելի յստակ կ'ըլլայ. մէկը հայու մը կամ ուրիշ ազգի անդամի մը չի սիրեր իր ազգային պատկանելիութեան համար, այլ կը սիրէ կամ չի սիրեր նայած թէ ինչպէս կը զգայ այդ անձին կամ խմբակցութեան հետ ունեցած կամ ունենալիք յարաբերութենէն: Սէրը կապ ունի փնտռածը գտնելուն կամ գտնել փորձելուն հետ, եւ կարեւոր է թէ իր փնտռածը որքանով իրեն այս կամ այն ձեւի ապահովութիւն, հանգիստ ու գոհացում կը պատճառէ: Եթէ հանգիստ կը զգաս մէկու մը հետ` կը սիրես զինք, եթէ պատահի որ սիրածդ քեզի պզտիկ անհանգստութիւն մը պատճառէ, այն ատեն սէրերը փոխադարձաբար թշնամութեան եւ մինչեւ իսկ ատելութեան կը փոխուին: Քեզի սիրելը եթէ անձի մը օգտակար կ'ըլլայ բարոյապէս, նիւթապէս եւ կամ քաղաքականապէս. լաւ ես, կը սիրէ քեզի: Բոլոր սէրերը այս սկզբունքէն կը բխին եւ կամ կը մարին, բոլոր սէրերը այսպէս են:

Hrach Kalsahakian Երբեմն ալ խօսակցութիւն բանալու ձեւ է (conversation opener) երբ բան մը ըսելիք չունին կամ աւելի ճիշդ երբ բան մը չեն գիտեր մեր մասին: Այսինքն ես ալ կրնամ ըսել տիեզերագնացութիւնը կը սիրեմ եւ այդ ձեւով համակրելի նախադասութիւն մը կազմած կ'ըլլամ:

Khatchadour Boghossian Հայերը գեղեցիկ խօսք մը ունին ՍԻՐԱՇԱՀԻԼ. ուրեմն եթէ մէկու մը քեզի հանդէպ ունենալիք սէրը քեզի շահ մը կը բերէ ոչ անպայման նիւթական, դրամական, այլեւ ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեկան առումով, ուրեմն կ'աշխատիս զինք սիրաշահիլ, սիրաշահիլ սորվիլն ալ արուեստի պէս բան մըն է., շատ կարեւոր է. գիտենք:

Hovic Atokian analyzes why Armenians think that other nations like them. 

First appeared:

Aleppo Armenians Facebook page

https://www.facebook.com/armaleppo


Related:

Armenian Cultural Company

www.ArmenianCultural.com

https://www.facebook.com/ArmenianCultural


Azad-Hye Middle East Armenian Portal

www.Azad-Hye.net

https://www.facebook.com/azadhye.english


Azad-Hye in Arabic

آزاد-هاي البوابةالأرمنية في الشرق الأوسط

www.Azad-Hye.org

https://www.facebook.com/azadhye.arabic

Հայկական խոհանոց Ապու Տապիի կայանէն

Ազատ-Հայ

Շէֆ Խուլուտը Ապու Տապիի առաջին կայանէն հայկական խոհանոցը կը ներկայացնէ Կիւլիզար Ճոնեանին հետ՝ Րամատանի 22րդ գիշերուան յայտագրին մէջ:

«Իչ»ի պատրաստութիւնը կը նկարագրուի (զանիկա կոչելով «հայկական Թապուլէ»):

Ապա կը նկարագրուի նուռի օշարակի պատրաստութիւնը: Նուռը կը ներկայացուի որպէս հայ խոհանոցի կարեւոր բաղադրութիւններէն մէկը: Նուռը հայերուն մօտ կեանքի շարունակականութեան նշանն է, կը նշէ շէֆը:

Երրորդ բաղադրատոմսը՝ Հայկական քեպապն է (կերասով քեպապ):

Այս յայտագրին առիթով շէֆ Խուլուտը կը խօսի հայերուն մասին որպէս հին ազգ, որ ցրուած է տարբեր երկիրներու մէջ, ինչ որ ձեւով մը կը հարստացնէ հայկական խոհանոցը՝ տեղական զանազան ազդեցութիւններու տակ:

Կիւլիզար Ճոնեան կը հրամցնէ հայկական անուշեղէն մը՝ դդումի անուշ, ապա բացատրութիւն կու տայ մեր խոհանոցին մէջ գործածուած զանազան համեմներուն մասին:

Շեֆ Խուլուտը հարց կու տայ՝ եթէ Հայաստան այցելեմ ի՞նչ կրնամ ուտել հոն: «Կրնաս ուտել խաշ, պասթըրմա եւ սուճուխ», կը պատասխանէ Կիւլիզար:

Ծանօթանալէ ետք զանազան ճաշատեսակներու շեֆը կ'ընդունի թէ այսօր ներկայացուած խոհանոցը հարուստ խոհանոց մըն է:

Առիթ կ'ըլլայ նաեւ խօսելու հայկական այլ ճաշատեսակներու մասին ինչպէս՝ Մանթը, ոսպով քիւֆքէ, եւայլն

Կիւլիզար Ճոնեան եւ իր դուստրը Անուշքան Ապու Տապիի մէջ ունին The Events Atelier ընկերութիւնը, որ ստանձնած էր խոհանոցին յարդարանքը:

المهندسة كوليزار جونيان تشارك مع الشيف خلود في قناة أبوظبي الأولي في تقديم نماذج من المطبخ الأرمني

Here's a link to "Episode 22" of Sarareed Khulood, featuring Gulizar Jonian and authentic Armenian cuisine.

http://www.adtv.ae/vod/FOR0032397-13920/%D8%B3%D8%B1%D8%A7%D8%B1%D9%8A%D8%AF-%D8%AE%D9%84%D9%88%D8%AF-%D8%A7%D9%84%D8%AD%D9%84%D9%82%D8%A9-22

يسلط سراريد خلود الضوء على أشهي الأطباق التراثية الإماراتية والعربية والعالمية وعلى آداب تقديم وعرض الطعام في المناسبات...