Friday, July 25, 2014

«ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԷ ԳՐԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԸ՝ ՅԱՏՈՒԿ ԹԻՒ ՄԸ ՆՈՒԻՐԵԼՈՎ ԱՆՈՐ

«ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԷ ԳՐԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԸ՝ ՅԱՏՈՒԿ ԹԻՒ ՄԸ ՆՈՒԻՐԵԼՈՎ ԱՆՈՐ

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Օրերը թաւալեցան արագ-արագ։ Դեռ երէկ էր, երբ Այնճարի մէջ հողին կը յանձնուէր գրականագէտ ու «Բագին»ի երկարամեայ խմբագրապետ Պօղոս Սնապեանի անշունչ մարմինը։ Հիմա արդէն քառասունքն ալ հասաւ…

Բայց այս քառասունքը նշանաւորուեցաւ շա՛տ տեղին նախաձեռնութեամբ մը։

«Ազդակ»ի խմբագրութիւնը, քանի մը օր առաջ, Կիրակի 20 Յուլիսի անմիջական նախօրէին, հրապարակ հանեց իր պատրաստած յատուկ «Յաւելուած»ը՝ ամբողջութեամբ նուիրուած Պօղոս Սնապեանին։

Որքա՜ն սքանչելի մտայղացում մը, նաեւ՝ երախտագիտական արդա՛ր տուրք մը, հանդէպ գրչի անկրկնելի վաստակաւորի մը, որուն մնայուն ներկայութիւնը Պէյրութի մէջ՝ օրհնութիւն մըն էր գաղութին համար…


«Յաւելուած»ը կը բաղկանայ 24 էջէ։ Այստեղ իրենց ստորագրութիւնը դրած են Նազարէթ Պէրպէրեան (Աթէնք), Մարի Ռոզ ԱպուսէՖեան (Սան Ֆրանսիսքօ), Շահանդուխտ, Կարօ Արմէնեան, Պօղոս Շահմելիքեան (Լոս Անճելըս), Նորա Արիսեան (Դամասկոս), Սեդա Գրիգորեան (Լոս Անճելըս), Նորա Բարսեղեան, Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, Սեւակ Քենտիրճեան, Ժաք Յ. Յակոբեան, Փանոս Ճերանեան (Մոնրէալ), Համբիկ Պիլալեան եւ Գէորգ Պետիկեան։ Տեղ տրուած է նաեւ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանուած դամբանախօսութիւններու կամ այդ առթիւ հասած ցաւակցագիրերու…։ Վերջաւորութեան, տրուած է գրաւոր պատճէնը այն շահեկան ու բովանդակալից հարցազրոյցին, զոր վերջերս Պէյրութի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանը կատարեր է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու «Բագին»ի այժմու խմբադիր Յակոբ Պալեանի հետ, զանոնք խօսեցնելով Պօղոս Սնապեանի մասին…։ 


Վերը յիշատակուած անուններէն ոմանք բախտն ունեցեր են աշակերտելու Սնապեանին, ուրիշներ՝ գործակցեր են իր հետ։ Բոլորն ալ կը շեշտեն ողբացեալ գրագէտին ջղուտ նկարագիրը, վեր կ՛առնեն անոր գրականագիտական խորունկ պաշարը, գրական գործեր վերլուծելու բացառիկ հմտութիւնը, պայծառ ու հմայիչ լեզուն, երիտասարդ գրասէր սերունդներու վրայ թողած ազդեցութիւնը եւայլն։

Կար ժամանակ,- երբ Պ. Սնապեան վարիչ-խմբագիրն էր «Բագին»ին -, կը սիրէր ատենը մէկ «Բացառիկ» թիւեր նուիրել մեր գրականութեան երեւելի դէմքերուն։ Զորօրինակ, այդպիսի թանկագին թիւեր նուիրած էր Մեսրոպ Մաշտոցին, Սայաթ Նովային, Յակոբ Օշականին, Համաստեղին, Ակսէլ Բակունցին, Եղիշէ Չարենցին, Մուշեղ Գալշոյեանին, Աւետիս Ահարոնեանին, Պետրոս Դուրեանին, Եդուարդ Պօյաճեանին, Կոմիտասին, Թէքէեանին, Սիամանթոյին եւ այլոց։ 

Հիմա, ի՛ր մահուան առթիւ, իր անմիջական գործակիցները իրե՛ն կը նուիրեն «Ազդակ»ի յատուկ թիւ մը…։
Կեանքի անիմանալի խորհուրդն է այս…։ 


Յ.Գ.- «Ազդակ»ի այս «Յաւելուած»ը կարելի է ամբողջովին կարդալ համացանցի վրայ՝ մտնելով թերթին պաշտօնական կայքէջը (www.aztagdaily.com

Levon Sharoyan writes about Lebanese Armenian writer Boghos Snabian, one of the last Diaspora writers of past generations who have died recently in Beirut. Snabian used to work in Aztag daily. His colleagues have prepared a special issue of Aztag in his memory.

No comments:

Post a Comment