Monday, July 28, 2014

Կը յիշե՞ս

Տէր Խաչատուր Պօղոսեան 

Father Khatchadour Boghossian writes about his memories related to the five men who sacrificed themselves for the Armenian cause in Lisbon. 

1983 ՅՈՒԼԻՍ 27, 
1992, ՅՈՒԼԻՍ 27 
եւ 2014 ՅՈՒԼԻՍ 27

Սիմոն Եահնէեան, Վաչէ Տաղլեան, Արա Քրճլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սարգիս Աբրահամեամին դէմքերուն նայեցայ երէկ Մարսէյլի Պոմոն թաղամասի հայոց եկեղեցւոյն մէջ իմ հոգեւոր եղբայրներուս եւ հաւատացեալներուն հետ Հոգեհանգիստեան պահուն, եւ կը նայէի նաեւ դէմքերը անոնց պատկերները բռնած հինգ պատանի Նոր Սերնդական տղոց, եւ կը յիշէի այն օրը երբ համայն հայ ժողովուրդը մեծ ցաւով սգաց Լիզպոնի հինգ անմահ հերոսներուն նահատակութեան գոյժը: 

Փարիզի եկեղեցին փութացինք ու Ժան Կուժոն թաղին մէջ տեսանք ջահ ու մոմ բռնած սգաւոր հայորդիները: 

Բաժնուած թռուցիկներուն վրայ տրուած էր հետեւեալ պատգամը որ բնաւ չեմ մոռնար,-

-Թող այս դէմքերը քանդակուած մնան ձեր յիշողութեան մէջ: 

-Que ces visages soient (restent) gravés dans vos mémoires: 

Այդպէս եղաւ, դէմքերն ու անունները քանդակուեցան մեր յիշողութեան մէջ: 

Երէկ Մարսէյլի ՀՅԴ ԿԱՄՔ Կոմիտէութեան կազմակերպած Հոգեհանգիստի, ոգեկոչման հանդիսութեան եւ հոգեճաշին առիթով աղօթքին աւարտին երկու խօսք ըսի, եւ հոգեճաշէն ետք երբ կը բաժնուէինք, երիտասարդ տիկին մը մօտեցաւ ու հարցուց` "Կը յիշե՞ս" 

Այս հարցումը այսօր փորձանք եղաւ ինծի, կը յիշե՞ս:

Տարիներ անցեր են, մարդոց դէմքերը փոխուեր են դուն փոխուեր ես, տարիներով իրարմէ հեռու ապրած էք, եւ ահա, կը յիշե՞ս՝ Տասնեակ մը հայրենակիցներու այս հարցումը չարչարեց զիս, Պէյրութէն, Հալէպէն, Նիսէն, Մարսէյլէն, Կապոյտ Խաչի "Հ. Օ. Մ.ի Պէլֆոնթէնի հայ մանուկներու ամառնային կայանէն:

Այս հայկական գեղեցիկ խաչը վզին կրող վայելուչ տիկինը, ըսաւ որ տարիներ առաջ այսօրուան պէս հաւաքոյթի մը իրմէ խնդրած էի որ ֆրանսերէնով Լիզպոնի Հայ Դատի Բագինին զոհուած հյինգ տղոց մասին խօսի, եւ ինք խօսած էր, եւ անկէ ի վեր բնաւ չէր մոռցած այդ օրն ու պահը, երբ այսօրուան պէս 27 Յուլիս 1992ին ինք երիտասարդ խմբապետուհի աղջիկ, ու ես շատ աւելի երիտասարդ քան հիմա, Պելֆոնթէն գացած էինք հայ պատանիներուն հետ արձակուրդի ամիս մը անցնելու համար: 

Նախապէս իբրեւ խմբապետ երկու անգամ հոն գացած էի 1975ի եւ 1976ի ամառներուն, ու հիմա քահանայ ձեռնադրուելէս առաջ կրկին հոն պիտի ըլլայի անմեղ կատակի մը հետեւանքով, հիանալի մանուկներու եւ երիտասարդ խմբապետ խմբապետուհիներու հետ անմոռանալի պահեր անցնելու, երիտասարդութիւնս կարօտով վերագտնելու. կ'ուզէի` տեսնել թէ մեր մանուկներն ու պատանիները ինչպէս կ'ապրին, ինչպէս կը խօսին կը խնդան, կը խաղան, պտոյտի կ'երթան, կը ճաշեն, կ'երգեն ու կը պարեն, եւ այդ ամառ ուխտ ըրի որ բոլոր երգ ու պարերու հաւաքոյթներուն ներկայ պիտի ըլլամ ու կուշտ մը պարեմ իրենց հետ, որովհետեւ գիտէի որ քահանայ ձեռնադրուելէս ետք այլեւս պարել չկար ինծի...: 

Հազիւ երկու խօսք խօսած էինք այս անցեալի երիտասարդ պաշտօնակցուհիիս հետ Լիզպոնի մեր անմահանուն երիտասարդներուն նահատակութեան հետ կապուած յիշատակերուն մասին, պէտք եղաւ կտրուիլ անցեալի այդ յուշէն ու կրկին բաժնուիլ մէր մէջ պահելով 27 Յուլիսի հաղորդութեան խորունկ խորհուրդը...:

-Թող այս դէմքերը քանդակուին ձեր յիշողութեան մէջ: 

Այս դէմքերն ու անոնց տէրերուն անունները, այո, քանդակուած են մեր բոլորին յիշողութեանը մէջ, եւ շաղախուած են` հայոց պատմութեան հետ:

Տոքթ. Խաչատուր Աւագ Քահանայ Պօղոսեան
Նիս, 28 Յուլիս 2014

Մեկնաբանութիւններ՝

Vahe H. Apelian՝ Հոգեմաշ իրողութիւն մը եղած է ինծի համար այս հինք երիտասարդներուն մահերը: Անձնապէս չեմ ճանչցած իրենց եւ կամ իրենց ծնողքներուն: Մայրս կը պատմէր որ իրենցմէ մէկը շրջան մը իր աշակերտներէն եղած է: Հոգեմաշ իրողութիւն մը քանի որ անկարելի է չգնահատել այս տղոցը պատրաստակամութիւնը: Բայց չեմ կրցած գնահատել այս հինգ երիտասարդներուն այս ուղղիին մէջ դնողները: Տարեց մը այս տղոցը մէկտեղեց, մարզեց, զինեց, բայց ճամբեց ստոյգ մահուան: Չեմ կրնար ներել այդ:

Serop Sahagian՝ ՎԱՀԷ՛ հակառակ այն իրողութեան որ այս տղաքը նախ քան իրենց սրբազան զոհաբերումը, կատարած են իրենց ուխտադրութիւնը մինչեւ մահ տողանցելու՛ հակառակ որ այդ ուխտադրութիւնը շատ մանրամասնօրէն նկարահանուած է, ինձ համար ալ դժուար է հաշտուիլ այդ ձեւի զոհաբերման փաստի հետ ու այդ մէկին առաջնորդող տուեալներուն հետ, ու մինչեւ պահս միտքս կը չարչարէ այդ՛ թէ այս տղաքը ի սկզբանէ արդեօք որոշած էին իրենց գործողութեան այդպիսին յանգում , թէ այդ պարզապէս «թէքնիք» մասնագիտական բացթողման մը արդիւնք էր: Այդ մէկը հաւանաբար երբեք չյստականայ, փաստը կը մնայ այն որ յաւէտ պէտք է խոնարհիլ այս տղոց յիշատակին առաջ որպէս օրերիս անզուգական մատաղները հայոց զոհասեղանի: ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՂՕԹՔ ԱՆՈՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ:

No comments:

Post a Comment