Monday, July 28, 2014

ՆՈՂԿԱ՞Լ

Երեւանցի ծանօթներ զիս ճաշի հրաւիրած էին: Օրը Կիրակի էր, տարին 1991, երբ այսօրուան ծաղկավաճառները դեռ չէին ժամանած: Վարորդը զիս վերջապէս տարաւ Փակ շուկան, որ գոց էր, քանի որ ժամը 15.00-ի մօտերն էր: Դրան առջեւ նստած ծաղկավաճառուհին ունէր կոթերը 1 մեթրնոց, թորմած քանի մը տասնեակ մեխակ: Հաւանաբար վերջին կարելիութիւնս էր փունջ մը գնելու, ուրեմն մօտեցայ և երկչոտ՝ «Բարեւ ձեզ» մը ըսի. պատասխանը՝ «Ախպա՞ր ես» եղաւ: «Չէ՛, քո՛յրիկ եմ» ըսի: «Ախպարական ես խօսում, էլի՛» պատասխանեց...: Ճարս հատած, զատեցի քանի մը մեխակ ու դրամապանակս հանեցի, որպէսզի վճարեմ. «Կանաչ փող չունե՞ս» ջերմօրէն հարցուց հայրենակցուհիս: Առաջին օրերս էին հայրենիքի մէջ: Դեռ ո՛չ ոք ինծի չէր բացատրած, թէ որքա՜ն «Նողկալի են սփիւռքահայերը»: (Ծանօթութիւն՝ կարդալ Անժելա Բարսեղեանի գրութիւնը):

No comments:

Post a Comment