Friday, December 26, 2014

Դաւաճաններու փնտռտուքը

Գրեց Վերա Սիսեռեան

Vera Sisserian Բոլոր նեղմիտ եւ գոց հասաակութիւնները կը գործածեն «դաւաճան» փնտռելու եւ որակելու այս «թեքնիքը» պարզապէս որպէսզի իրենք զիրենք զբաղած պահեն եւ զբաղեցնեն իրենց հետեւորդները «կարեւոր այս աշխատանքով» , որպէսզի սարսափեցնեն այլ կարծիքի տէր անհատը կամ կողմը , ճզմեն բազմակարծութիւնը , եւ պաշտպանեն իրենց գոյութիւնը . մեր պարագային դժբախտաբար շատ ազդու միջոց է այս բառի գործածութեամբ քարացած կարծիքներ ձեւաւորելու եւ պարտադրելու թեքնիքը . իսկ ինչ են այս թեքնիքի գործածութեան հետեւանքները ... 1. վախնալով այս ածականի գործածութեան հետեւանքներէն , մարդը կ՛որոշէ դադրիլ մտածելէ եւ արտայայտուելէ կը դառնայ «դաւաճան» անուանող խումբին հլու հնազանդ հետեւորդը .2 անօգնականութեան զգացումին հետեւանքով կը դառնայ անտարբեր եւ կը հեռանայ իր արմատներէն եւ կը կորսուի 3. եւ կամ ալ յամառութեամբ կը շարունակէ «տարբեր» կարծիքներ արտայայտելու իր ընթացքը , իսկ այս ընթացքը կ՛արդիւնաւորուի երբ իրեն կը միանան այլ «տարբեր» կարծիքներ, իսկ դատապարտուած կ՛ըլլայ շոգիանալու երբ քիչ կ՛ըլլայ անոնց թիւը . մեր պարագային դժբախտութիւնը այն է որ բազմակարծութեան եւ ազատ արտայատութեան հաւատացողներու թիւը միշտ շատ աւելի քիչ է միւս բոլոր խումբերու թիւէն եւ այդ պատճառներէն մէկն է, որ շատ բան դէպի լաւ չի փոխուիր մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ Հայաստան եւ Սփիւռք : Եթէ կ՛ուզենք փոփոխութիւն տեսնել , բոլոր մակարդակներու վրայ պէտք է հաւատանք քննական մտքի զարգացման եւ ազատ արտայատութեան , ուրիշ ելք չկայ հարցեր բիւրեղացնելու եւ հնարամիտ լուծումներ գտնելու մեր հարցերուն :

No comments:

Post a Comment